Ս. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ՝ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի:
Տ. Արամ արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Յունաստանի հիւսիսային շրջանները: Ան հիւրընկալուեցաւ հայր ու որդի Խաչատուր եւ Արի Չոլաքներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան քառօրեայ շրջագայութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, Թեսաղոնիկէի շրջանին մէջ ընթացաւ:
ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կապուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական համբաւ կը վայելէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ կաթոլիկ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս:
«Խորապէս մտահոգիչ է, որ ապօրինութեան հարթակի կը վերածուի նաեւ Ազգային ժողովը, որու բարձր ամպիոնը կը ծառայեցուի հակաեկեղեցական տրամադրութիւններու սերմանման, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան, անհիմն մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու տարածման համար»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական յոբելեան եւ արդար մեծարանք:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Միքայէլ եւ Կեպրեմարիամ վարդապետները, որոնց ընկերացան Քիւտուս Սերթսու սարկաւագը եւ եթովպական համայնքի գործիչներէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։