ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շաբաթավերջին Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շաբաթավերջին Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երկուշաբթին մասնաւոր անուանում չունի, Աւագ չորեքշաբթի օրուան նման։ Օրուան ընթերցումներն ու շարականները նկատի առնելով՝ կը հասկնանք, թէ Աւագ երկուշաբթի օրը «ստեղծագործութեան», «մարդ արարածի արարչութեան», «Զեբեդէոսի որդիներուն Յիսուսի ըրած խնդրանքին՝ արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու», «թզենիի չորացումին եւ տաճարը մաքրագործելուն» յիշատակումի օրն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ այս տօնը հռչակուած է նաեւ Մանուկներու օրհնութեան օր։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պասէքի տօնը ի Հրէաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի հրէից համար կարեւոր առիթներէն էր ուխտաւորաբար Երուսաղէմ գալու, մանաւանդ առիթ՝ համախմբուելու ընդ հովանեաւ Տաճարին։ Գուցէ անոնց համար այս համախմբումը, զգեցած կրօնական բնոյթին առընթեր կը կրէր նաեւ ազգային միասնականութեան զգացումը ներշնչելու առիթ, քանի այս տօնին է, որ կը յիշէին իրենց նախահայրերուն Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրումը, շնորհուած որպէս Աստուածային պարգեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծաղկազարդի նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:
Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 40-րդ օրն է եւ Քառասնորդաց պահեցողութեան վերջին օրը:
Քառասուն օրեր առաջ սկիզբ առաւ այս ճանապարհորդութիւնը այսօր իր աւարտին հասած է արդէն:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Պապուաշվիլին, որ այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 39-րդ օրն է:
Ընդամէնը մէկ օր եւ Քառասնորդաց պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ համայնավար բռնապետու թեան զոհ դարձած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Նահատակ հոգեւորականաց յուշապատին առջեւ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։
Արաբերէնէ թարգմ.՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պահեցողութեան շրջանը սկսելով, յիշէ՛ սիրելի ընթերցող, թէ Յիսուս ի՞նչ ուզեց քեզմէ, երբ ըսաւ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք… երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18)։