ԲՈՂՈՔԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մեքսիկա։ Համաճարակի շրջանին ան չէր կրցած այցելել մեքսիկահայութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան կապակցութեամբ։ Այս յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ ընտրութիւններէն վերջ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած կոչին՝ հոգեւոր հայրերու հետ երկխօսութեան նպատակով։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ, նախընթաց օր, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Իրանի նորընտիր նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիին։ «Մեծապէս ուրախ ենք, որ Իրանի բարեսէր ժողովուրդը ազգային աւանդներուն հաւատարմութեամբ կը կառուցէ իր երկրի շէն ու բարօր կեանքը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Անթիլիասէն այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, որոնք Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործեն, վերջին օրերուն այդ օժանդակութիւնները հասցուցին քսան կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։
CNEWA-ի կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նաեւ Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամներէն Քովենթրի Քրիստոֆըր Եպիսկոպոսը:
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ բանավէճ մը ծնունդ առած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան թեւին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Իշխանափոխութենէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, դժբախտաբար, պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը դուրս եկած է բնականոն հունէն։
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ ժամադրուած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Երկրի դիմագրաւած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ դեսպան Ալֆոնսօ տի Ռիզոյը։