ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մամբրէ Աբեղայ Տաշչեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ տեղեկացուց, որ ան վախճանած է մայիսի 10-ին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ծաւալուն քննարկումներ:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկ. Կրօնական ժողովը 3 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, համացանցի վրայ գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եւ մարոնիտներու պատրիարքին միջեւ հանդիպում:
Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Վատիկանին ներկայացուած առաջարկը միշտ օրակարգի վրայ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ կ՚ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու կողմէ նախատեսուած աղմկայարոյց կրթական բարեփոխումներուն եւ այս կապակցութեամբ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեանի կողմէ վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտուած դիրքորոշումներուն։
Սփիւռքահայ նորոգ հանգուցեալ գիտնական ու հասարակական գործիչ Վարդան Գրիգորեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Ապրիլի 24-ի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։