ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿԻՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աշխարհահռչակ Ճիվան Գասպարեանի մահուան առթիւ երէկ ցաւակցական մը ուղարկեց արուեստագէտի սգաւոր ընտանիքին։ Վեհափառ Հայրապետը մշտամրմունջ աղօթքն ու օրհնութիւնը ընդգծած է ցաւակցականին մէջ, ուր նշուած է հետեւեալը.
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան։ Նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով համախմբուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեանը՝ ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի։ Նորաօծ հայր սուրբը վերջերս քահանայակոչման արժանացած էր Գանձասարի վանքէն ներս եւ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը անցուցած՝ Դադիվանքի մէջ։
Վատիկանի երէկուան հանդիպման ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հասաւ Հռոմ, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 30 յունիս 2021 թուականին հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի թեմի առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրապոլիտին հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Օտեսայի (Ուքրայնա) Հայկական մշակութային կեդրոնի կիրակնօրեայ դպրոցի եւ մանկապարտէզի սաները։ Հանդիպման սկիզբին կեդրոնի տնօրէնուհի Աննա Գէորգեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի եւ մանկապարտէզի գործունէութեան շուրջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձը երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Անթիլիասի մէջ։
Դպրեվանքի 90-ամեակի 2020-2021 հունձքը, երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-ի երեկոյեան, կարծես ընդելուզուելով Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակի ցանկապատին փորագրուած հայոց պատմութեան յատկանշական հանգրուանները ներկայացնող կոթողներուն, արտացոլացուց դպրեվանքի 90-ամեայ ազգային եւ հոգեւոր շունչը, որուն ներքեւ կրթուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած են բազմաթիւ արժանաւորներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց շարքին էին երկրի փոխ-վարչապետը՝ Ժոլտ Շեմիէն եւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանէն ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։