ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՆԴԱՍՏԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի՝ Աշոտ Երկաթի խաչը, որու մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի՝ Աշոտ Երկաթի խաչը, որու մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը եւ աշխարհի զանազան հոգեւոր առաջնորդներ վաղը միասնական աղօթք մը պիտի իրականացնեն յանուն խաղաղութեան։
Ամբողջ հայաշխարհը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած օրհասական կացութեան։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու օրակարգին վրայ էր Արցախի պատերազմը։
Արցախի պատերազմական գործողութիւններու ծանր իրավիճակին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեր հայրենիքի համար վճռական օրեր են։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան երէկ այցելեց Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ օրեր առաջ թիրախաւորուած էր Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը ռմբակոծեալ Մայր տաճարին մէջ աղօթք բարձրացուց Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, զօրացման ու միասնականութեան համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ կատարուեցաւ խաղաղութեան մասնաւոր աղօթք։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ երէկ ներքին թեմերու եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ նման աղօթք մը տեղի ունեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ միտումնաւոր ռմբակոծման մասին հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորումը. ստորեւ՝ յայտարարութիւնը։
Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբաթ օրը, ահա շուրջ 1615 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կ՚ունենար Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Արցախի հարցին կրօնական երանգ տալը սադրանք է։ Բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն անդրադարձած է հայ ժողովուրդի եւ իսլամական աշխարհի դրական յարաբերութիւններուն։