ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս շրջանին կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն ուղիղ հինգ տասնամեակ առաջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ այդ ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անընդհատ բերած է իր բազմակողմանի ծառայութիւնը։
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք՝ այցելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը:
«Եկեղեցին եւ սահմանադրական մշակոյթը» խորագրեալ շահեկան ձեռնարկ մը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան, պաշտպանութեան գծով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոն, որ վերջերս այցելեց Երեւան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց դատաւոր Հրաչիկ Սարգսեանին։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց կապուած մնալ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն եւ ըլլալ միասնական:
Վեհափառ Հայրապետի հաստատած «Ս. Ղեւոնդ Երէց» նոր շքանշանով առաջին պարգեւատրեալները:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբօր լեռը՝ աղօթելու:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին հետ։ Աթշանէի մէջ, Լիբանան, տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդներու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։