ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերը վերամուտ է, ուստի, վերամուտի ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ։
Մեզի համար հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է ողջունել Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարի մը վերականգնումը, յետ իրականացած հիմնական վերանորոգչական աշխատանքներու։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկ երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ՝ հետաքրքրուելով անոր որպիսութիւնով։
Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան. «Փառք Տիրոջ, այս խառնակ ու փորձանաշատ ժամանակներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նաւարկէ շրջահայեացութեամբ խաղաղ, անվրդով: Ուստի, իր բազմափորձ կեանքով ու մեծավաստակ անձով Ամենայն Հայոց Հայրապետը մեզի՝ հոգեւոր սպասաւորներուս համար օրինակելի է»:
Այսօր կը լրանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան 70-րդ տարեդարձը: Այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցանք իր գահակալութեան շրջանի ձեռնասուններէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանի ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Ա Քհնյ. Աւետիսեանի հետ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ տիկնանց միութիւններու կեդրոնական խորհուրդի ընդլայնուած ժողովը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ գումարուած նիստը գլխաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ բացումին հանդէս եկաւ աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը։ Այս առթիւ ատենապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան։