ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայաստանը եւ տարածքաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս միջազգային գիտաժողովը տեղի ունեցած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցաւ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց Կաթողիկոսարանի «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի 16 վկայեալները, որոնց մեծամասնութիւնը կը դասաւանդէ լիբանանահայ վարժարաններէ ներս։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ։ Տեղւոյն հոգեւոր հովիւը, ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը, որու մատուցած Ս. Պատարագի ընթացքին առընթերակայ էր Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ։
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է մշակութային արժէքներով։ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպի ու իրենց անմիջական աշակերտներու ներդրումով բացուեցաւ Հայ գրականութեան Ոսկեդարը։ Հայերէնով արտադրուած երկերու ընդմէջէն անմահացաւ այս կարեւոր շարժումը։
Հայոց, ռուսաց եւ ատրպէյճանցիներու հոգեւոր առաջնորդներու Մոսկուայի հանդիպման արձագանգները:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ երէկ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, Սուրբ Դանիէլ մայրավանիք համալիրէն ներս:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս:
Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու խորհուրդի նախագահ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի։ Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու այս օրուայ եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, ռուսաց պատրիարքը երէկ Մոսկուայի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։
Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի առաջին հանդիպումը: