ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովի լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
«Հայ ժողովուրդի եւ համայնքներուն համար պէտք է երաշխաւորուին այն նոյն իրաւունքները, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ բարոյական պատասխանատուութեան ուժով վերապահուած են բոլորին»:
Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման 10-ամեակին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ:
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, որ ներկայիս իր դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։