ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Յովնան Պատրիարքին։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց իր հոգեւոր եղբօր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ին ուղարկեց շնորհաւորական հետեւեալ պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցին առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. երէկ Հռոմի մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանի համալիրի մատրան երդիքին տակ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի վարժարանի աւարտական լսարանի սաները։ Խումբը գլխաւորեց ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Խուան Պալեան։
Կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը երէկ հիւրընկալուեցաւ Սրբազան Պապին կողմէ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Պիքֆայայի վանքին մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի նորակազմ անդամներէն Ճորճ Պուչիքեանը։ Այս վերջինը կոչուած է արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնին եւ կառավարութենէն ներս կը ներկայացնէ հայ համայնքը։
Մինասեան Գերապայծառ գահ կը բարձրանայ՝ որպէս Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի անդամները Հռոմի մէջ համախմբուած են ի կատար ածելու համար նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։ Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք՝ Ս. Գայիանէի պատմական վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ, ուր Նորին Սրբութիւնը ծնրադիր աղօթեց հայոց պետականութեան անսասանութեան համար։