ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ այս հաւաքոյթը կազմակերպուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ։

Գահիրէի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին նախագահելէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերադարձաւ Անթիլիաս։ Կը հաղորդուի, որ ան Գահիրէի մէջ եղբայրական հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։


Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աստուածակառոյց ու Առաքելահաստատ գահուն վրայ ան կը դիմաւորէ իր 16-րդ տարին՝ որպէս հայ ժողովուրդի ընդհանրական ու պատուական հայրապետը եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիւ մէկ սպասաւորը։
Միջին Արեւելքի հոգեւոր առաջնորդները տարածքաշրջանի տագնապալի իրադրութեան մթնոլորտին մէջ անմիջական շփման մէջ կը մնան իրարու հետ։ Այսպէս, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։