ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Գումգաբուի մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Ապրիլի 24-ին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները


Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորական այց մը տուաւ Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Մոնսենիէօր Եուսուֆ Սաղին