ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Հայաստանի Սեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ շաբաթավերջին օծուեցան եւ պաշտամունքի բացուեցան նորակառոյց եկեղեցիներ։ Սեւան քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց եւ Արտաշատ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները օծուեցան հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Տ. Կորիւն Արք. Պապեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման առաջադրանքով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին միջազգային մամուլին մօտ։ Կը հաղորդուի, որ վերջին օրերուն ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» թերթին մէջ այս կապակցութեամբ հարցազրոյց մըն ալ լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։
Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։