ԿՈՂԲ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ ՄԸ ՅԱՅՏԱՆԲԵՐՈՒԱԾ
Իգդիրի Թուզլուճա գաւառակին մէջ յայտնաբերուեցաւ հայկական պատմական խաչքար մը։ Պատմական Կողբ շրջանին համապատասխանող այս վայրին մէջ յայտնաբերուած խաչքարը կը պատկանի 13-14-րդ դարերուն։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այէթուլլահ Համանէյի ուխտագնացութիւններու հարցերով ներկայացուցիչ Սէիտ Ալի Կազի Ասքարը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Րէիսի։
Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաքը։ 235 հոգեւորականներու մասնակցութեամբ ժողովը գումարուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Հայաստանի Սեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ շաբաթավերջին օծուեցան եւ պաշտամունքի բացուեցան նորակառոյց եկեղեցիներ։ Սեւան քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց եւ Արտաշատ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները օծուեցան հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։