Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով եռօրեայ նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջան:
Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առթիւ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման յաջորդած առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն էր այս մէկը եւ այս հանգամանքը բացառիկ նշանակութիւն վերագրեց արարողութեան։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ վեց նոր սրբազանով։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին նշուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։