Եկեղեցական

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ ԿԸ ՍԿՍԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նուիրահաւաք մը սկսած է՝ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի լոյսին տակ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի հետ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ամբողջ հայաշխարհը կը շարունակէ մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Արցախի իրադարձութիւններուն։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Լեռնային Ղարաբաղ կը շարունակէ աշխարհէն եւ Հայաստանէն կտրուած մնալ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ Արտաքին եւ Եւրոպական գործոց նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատմանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՈՒԱՅԹՓԸԼԷՅՆՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին պատարագեց Ուայթփլէյնսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱՔԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր երիցագոյն միաբաններէն Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեանին, որու վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Հոգելոյս բարձրաստիճան եկեղեցականին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՎՇՏԱԿԻՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ անմիջապէս արձագանգեց ահաւոր երկրաշարժին։ Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հեռաձայնով կապ հաստատեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին հետ։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն տասնիններորդ հաւաքը:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան մասնակցեցան՝ Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած աստուածաբանական երկխօսութեան հերթական փուլին: Ժողովականները ընդունուեցան նաեւ Տ.Տ. Թաւատրոս Ղպտի Ուղղափառ Պատրիարքին կողմէ:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՑ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱՐ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇՆՈՐՀԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ

Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն մօտ Վատիկանի դեսպան Իւժէն Արք. Նիւճենթի հետ։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ 2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տալլաս քաղաքի Հիւսիսային Քարոլթըն արուարձանի Ս. Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հռչակուեցաւ երկրի՝ 2022 թուականի լաւագոյն շինութիւնը։ «world-architects.com» կայքէջի հաղորդումներով, եկեղեցին լաւագոյն շինութիւնը ճանչցուած է անոր կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքով։

Էջեր