ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալները այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետրոսեանի։
Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մարոնիտ եկեղեցւոյ Պըքերքէյի կեդրոնին մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ՝ Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հրաւէրով։
Եւրոպահայութեան տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Հոլանտայի Տելտեն գիւղաքաղաքին մէջ, ուր առաջին անգամ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար» նախաձեռնութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց նախկին պոլսահայ Արտաշէս Սրկ. Նշանեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ պատարագեց տեղւոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։
Հռոմի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի նախագահութիւններու (OCE) եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եւրոպայի եպիսկոպոսական քոնֆէրանսներու (CCEE) համատեղ ժողովը։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուական այցելութիւն մը կու տայ Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ այցելեց Արքատիի յունաց վանքը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Կրետէ կղզի, ուր հովուական այցելութիւն մը կու տայ տեղւոյն փոքրաթիւ հայութեան։
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի ձեռամբ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան շարք մը սարկաւագներ։