ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SOS ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ»ՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ այս կազմակերպութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելութիւն մը տուին Պաղեստինի ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթի գծով նախարար Վարսէն Աղաբէկեանին։ Այս վերջինը քանի մը ամիսէ ի վեր պաշտօնի գլուխ կը գտնուի՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան այժմու կառավարութեան կազմին մէջ։
Մենք՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներս, համախմբուելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհութեամբ եւ բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, օրակարգային հարցերու քննարկումներու ընթացքին խոր մտահոգութեամբ անդրադարձանք մեր հայրենիքի առջեւ ծառացած ներքին քաղաքական խնդիրներուն եւ արտաքին անվտանգային մարտահրաւէրներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովները եզրափակուեցան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ հաղորդագրութիւնով մը։
Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Եշիլգիւղի ընտանիքը երէկ նշեց թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 111-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հարաւ-ափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս պատուիրակութիւնը Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Սուրբ Քաղաքի եկեղեցիներու, քրիստոնէական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ հովուական պաշտօններու մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք հոգեւոր հայրերու եւ պատկան թաղական խորհուրդներուն հաղորդուած են 6 յունիս 2024 թուակիր պաշտօնագրերով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց պուլկարահայ խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Պուլկարիոյ Փազարճըք քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Նշան Պզտիկեանի։