ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուեօթներորդ օրն է:
Վարդան Այգեկցին կը գրէ. «Պահքը ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է Աստուծոյ մօտ բարձրանալու համար։ Պահքը լայնատարած կամուրջ է, նաեւ ելքի ճանապարհ՝ դէպի երկինք տանող»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսունվեցերորդ օրն է:
Վերջին տարիներուն Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս միւս պահքերու ընթացքին, շատեր սկսած են ձուկ ուտել, պատճառաբանելով, թէ Տէր Յիսուս ձուկը օրհնած է, ինչո՞ւ չուտեմ:
Նորաօծ հոգեւոր հայրերուն քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանի աւարտին յորդորներ եւ օրհնութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարուին խոհեմութեամբ եւ համբերատարութեամբ:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան առթիւ, շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Պատարագ մատոյց Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ Արեւագալի ժամերգութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսունչորրորդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Կիւրեղ Զ.-ի մէկ քարոզը, պահքի մասին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։