ՅԻՇԵԼՈՎ ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԱՂԶՈՒԱՆՑԻՆ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է գահակալներ, որոնք որպէս լուսառատ փարոսներ լուսաւորած են իրենց պաշտօնավարած շրջանները եւ իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը։ Անոնք կարեւորութեամբ նկատի ունեցած են օրուան պայմանները ու գիտցած՝ արժեւորել զանոնք։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հերթական եկեղեցականներու խումբը։ Այս դասընթացքներուն մասնակից քահանաները թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի տարբեր թեմերէն էին։
Մարսէյլի արքեպիսկոպոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տաւուշի մարզէն սահմանակից չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու ուղղեալ որոշումը Հայաստանի մէջ մեծ պոռթկում յառաջացուցած է։ Հասարակութեան լայն խաւերը իշխանութիւններու կողմէ առնուած այս որոշման դէմ բողոքի ալիք կը բարձրացնեն՝ մինչ յիշեալ գիւղերու բնակիչները կը շարունակեն ճանապարհներ փակել։
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երկար տարիներ վերջ Ս. Զատկի շրջանին արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծուելուն առիթ դարձաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը գլխաւորեց «Քարիթաս»ի միջազգային գրասենեակի դրամաշնորհներու գլխաւոր պատասխանատու Անտրէաս Պրենտեր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։