ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի ներքին կացութեան շուրջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին միջեւ երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի ներքին կացութեան շուրջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին միջեւ երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քաղաքիս շարք մը քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Ս. Զատկի առթիւ։ Հարկ է նշել, որ ուղղափառ աշխարհը անցեալ շաբաթավերջին նշեց Ս. Յարութեան տօնը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Շուէտի եկեղեցւոյ Վեսթերիսի Եպիսկոպոս Միքայէլ Մոկրէնը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ներկայիս հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած են։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իրանի Իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մուհամմէտ Մեհտի Իմանիփուրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երէկ յուզումի մատնուեցաւ՝ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի կորուստով։ Ան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց այն հիւանդանոցին մէջ, ուր արդէն խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կանգ առին Հայաստանի առկայ խնդիրներուն եւ տագնապալից իրադրութեան վրայ։
«Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» անուանումով նոր եւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ արտաքին քաղաքական գործընթացներու մասնագիտական վերլուծման նկատմամբ:
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Զատկի առթիւ մեկնեցաւ Տիարպաքըր, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Տէր հօր ընկերացան Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է գահակալներ, որոնք որպէս լուսառատ փարոսներ լուսաւորած են իրենց պաշտօնավարած շրջանները եւ իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը։ Անոնք կարեւորութեամբ նկատի ունեցած են օրուան պայմանները ու գիտցած՝ արժեւորել զանոնք։