ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ Կ՚ՕՐՀՆՈՒԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը պատրաստուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն, որոնք հոգեւոր ուրախութիւն կ՚առթեն հայորդեաց սրտերէն ներս։ Հաւատացեալ հոգիներ անհամբերութեամբ կը սպասեն այս հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնք իրենց խորհրդաւոր զօրութեամբը համայն ազգը կը դարձնեն «միասիրտ եւ միախորհուրդ»։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ կիրակի՝ Բարեկենդան Վարագայ Ս. Խաչի, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած կամաւոր երիտասարդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի սպասաւորներէն տիրացուի Կարէն Սրկ. Համամճեանն ու իր հայրը՝ Համօ Համամճեանը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի նախաձեռնութեամբ մամլոյ ասուլիս՝ մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի նորանշանակ ղեկավար Հենս Ուեչսէլը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութենէն այլ պատասխանատուներ։
Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալի բարձունքին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։