ԱՐԵՒԱԳԱԼ ԵՒ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նորաօծ հոգեւոր հայրերուն քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանի աւարտին յորդորներ եւ օրհնութիւն:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան առթիւ, շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Պատարագ մատոյց Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ Արեւագալի ժամերգութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։