Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ առաւօտ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ պատարագեց Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած դրական աւանդութիւն մըն է, որու շնորհիւ մեր համայնքի կղզեբնակ անդամները հնարաւորութիւն կ՚ունենան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն զատ՝ իրենց գտնուած կղզիներուն մէջ հայածէս Ս. Պատարագին մասնակցելու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։
Հրեայ ծայրայեղականներու ոտնձգութիւններն ու անարգական արարքները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանը, որուն ընկերացաւ գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաշատ ծառայութիւն։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հիւրընկալեց Լիբանանի պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիքա Եպիսկոպոսը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ «Դերձակեան» դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Տիթրոյիթի ծուխէն ներս, վերջին օրերուն հրաժեշտի յուզումնախառն արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։