Ընկերա-մշակութային

ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱՉ ՕՀԱՆՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարիչ Հրաչ Օհանօղլուի ցուցահանդէսի բացումը։ Հրաչ Օհանօղլու մեր համայնքէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած արուեստագէտ մըն է։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսպիսի տարօրինակ գաղափարներ կրնան ծագիլ միայն Հոլիուտի մէջ՝ նորաձեւութեան հետեւող սինեմայի աստղերու կողմէ։ Սակայն որքանով կիրարկելի է այդ՝ չեմ գիտեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՆԱՐԵԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարն է եւ հեղինակը՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքին, վերջերս հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի միջնակարգի աշակերտներուն հետ՝ դպրոցի գրադարանի սրահին մէջ։
Հանդիպում-զրոյցի նպատակն էր խօսիլ աշակերտներուն հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ հայ նոր սերունդը ամուր պահէ հայերէն լեզուն եւ ինքնութիւնը ։

ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆԸ՝ ԼՈՅՍԻ ՏԱԿ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փետրուարը հայ գրականութեան համար կը սկսի Զապէլ Եսայեանի ոգիով: Անոր ծննդեան օրը՝ փետրուարի 4-ը, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը նշուի Հայաստանի մէջ, բան մը, որ կարելի չէր ըսել նախորդ տարիներուն, երբ հայ գրականութեան ազատախոհ կին գրողը մոռացութեան մատնուած էր հայրենիքի մէջ եւ հատուկենտ մարդիկ միայն ստէպ ստէպ կը յիշէին անոր անունը, կ՚անդրադառնային տպագրուած գիրքերուն:

ՄԱՆՃԸԼԸՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԸ

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեբաստիոյ նահանգի գիւղերէն մին է՝ Մանճըլըքը։ Երբեմնի հայաշատ գիւղը ժամանակին ունէր հայկական վարժարաններ, եկեղեցի, որն այսօր ցաւօք՝ կիսաաւերակ է, ինչպէս նաեւ՝ որբանոց։ Բնակչութեան հիմնական զբաղումն էր գիւղատնտեսութիւնը՝ երկրագործութիւն, անասնապահութիւն։

ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԱՆՃԸԼԸՔԻ ՍՈՒՐԲ ԹՈՐՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՈՒՐՋ

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեբաստիա նահանգի Քանկալ գաւառակի գիւղերէն մին է՝ Մանճըլըք։ Երբեմնի հայաշատ՝ հայկական գիւղը ունի միջնադարէն մեր օրերուն հասած եկեղեցի մը։ Սուրբ Թորոս եկեղեցիի կառուցման տարեթիւի եւ անցած ուղիին մասին, ցաւօք հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք։

«ՄԻՏՔ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ. 1976-1987 ԳՐԱԿԱՆ ՈՒ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԷՋԵՐ»

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընդամէնը ամիսներ առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսած այս հատորը կը նուիրուի 2015 թուականին կեանքէն հեռացած ֆրանսահայ գրող, մամուլի նուիրեալ Արփիկ Միսաքեանին, որ դուստրն է «Յառաջ»ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ հօր մահէն յետոյ ստանձնած է թերթի խմբագրի պաշտօնը, մինչեւ «Յառաջ»ի փակուիլը՝ 2009 թուականը: Ֆրանսայի մէջ 1925-2009 թուականներու միջեւ լոյս տեսած «Յառաջ» թերթը սփիւռքի կարեւորագոյն թերթերէն մին էր, որու թիւերը այսօր պատմական նշանակութիւն ունին հայ մամուլն ու սփիւռքը ուսումնասիրողներուն համար:

ԲԱՆԱԼԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՁԱԽԻՆ ՁԵՌՔՆ Է

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 

17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ՝ ընդդէմ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի յայտարարած՝ վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին:
Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»ու շարժումը:

ԲԱՑԱՌԻԿ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ ՄԸ

Toplumsal Tarih ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) հովանիին ներքեւ, արդէն թողարկած է իր 302-րդ թիւը։ Սա բացառիկ համար մըն է, որ կը բովանդակէ «Աշխարհամարտ, զինադադար եւ բռնագրաւում» խորագրեալ թղթածրար մը

ՕՏԱՐ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ՓԱՅԼՈՂ ՀԱՅԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անգլիատառ պարբերաթերթի՝ «AGBU Insider»ի՝ դեկտեմբեր 2018-ի յաւելուածէն քաղելով կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները.

Էջեր