ԴԱՇՏԱԴԷՄԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ Է
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Մ. Թրէյսի Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Տիգրան Գալստեանի հետ, մի քանի օր առաջ, նշանաւորեց Դաշտադէմի ամրոցի պահպանութեան ծրագրին աւարտը: Ծրագիրը, որ հովանաւորուած էր Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններու մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին կողմէ, ներգրաւած է պեղումներ եւ Դաշտադէմ ամրոցի համալիրի մասնակի վերականգնումը:
Հոգելոյս նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալերիի հարազատներուն կողմէ հիմնադրուած համանուն հիմնարկը անոր մահէն ի վեր կը կազմակերպէ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթներ, որոնց շնորհիւ թարմ կը մնայ նկարչուհիին յիշատակը եւ իր անունը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Խեր ըլլայ» թատերախաղի կալան։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն մասնակից թատերասէրները հաճելի ժամանց ունեցան այս զաւեշտով։ Խաղի բեմադրիչն է համակրելի անուն մը՝ Գրիգոր Տինչքայըքճը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ