ՍՐԲՈՅՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆԻ՝ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՀԱՏԸՆՏԻՐ ԳԻՐՔ ԵՒ ՃԱՌՔ ԵՒ ՆԵՐԲՈՂԵԱՆՔ
Գրաբարէ աշխարհաբարի վերածեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գ) Եւ արդ, ծառայակիցներէն ո՞վ, ո՞վ գովենք։ Ո՛չ ուրիշը, այլ մեր բոլոր եւ մեր միջոցով՝ տիեզերքի վարդապետը (Անտիոքի Փլաբիանոս Եպիսկոպոսը), որովհետեւ ինչպէս որ ան ինքը դաստիարակեց ձեզ, որ մինչեւ մահ հաստատուն մնաք ճշմարտութեան մէջ, այդպէս ալ դուք միւսներուն սորվեցուցէք՝ այս կեանքէն աւելի շուտ հրաժարիլ, քան՝ բարեպաշտութենէն։