ԶԱՀՐԱՏԻՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ անմահ բանաստեղծ Զահրատի 90-ամեայ յոբելեանը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԵՐԵԱՆ
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ ունեցած վերջին համերգաշարին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, ԳՈՀԱՐ-ի շուրջ երկուհարիւր անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վերածնուած մշակոյթ, վերապրած ձեռագրեր» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Ղազախիստանէն եւ Վրաստանէն առաջնակարգ կեդրոններու մասնագէտներ։