TRIO AETERNUS ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Իսթանպուլի Թէքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաճիւղի «Մուսթաֆա Քեմալ» դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ մը։
Իսթանպուլի Թէքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաճիւղի «Մուսթաֆա Քեմալ» դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Համազգային հանգանակութեան շարժում:
Այս տարի «Մեր տունը» կարգախօսով կազմակերպուած թելեթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանի կարիքը դիմագրաւելու նպատակին: Եւրոպայի աւանդական ֆոնեթոնի արդիւնքով ապահովուած միջոցներն ալ պիտի ուղղուին նոյն նպատակին:
Պատրիարքական Աթոռը կը շարունակէ իրերայաջորդ գիրքեր հրատարակել իր «Արմաշ» մատենաշարէն։ Այս ամբողջին մէջ, որպէս տասներորդ հատոր լոյս տեսաւ մեծանուն արմաշականի մը՝ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Սրբուհի Սանդուխտ Կոյսին թռչնիկները» ընդարձակ պատմուածքը։
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան «Սիւրէյեա» օփերային մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Լուի ԺԴ. Իսթանպուլի մէջ» խորագրեալ պարոք համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ՆՇԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ(*)
Նոյեմբեր 30-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 11, Փարիզի մօտակայ Լը Պուրժէի (93 Le Bourget) մէջ տեղի պիտի ունենայ կլիմայական փոփոխութիւններու յատկացուած 21-րդ ժողովը՝ COP-21, որ կը վայելէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը:
Աննա Գէորգեանի մասնաւոր թղթակցութիւնը Ֆրանքֆուրթէն.-
Հայկական երաժշտութեան առասպելական վարպետներէն, աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան անցեալ շաբաթավերջին առարկայ դարձաւ գերմանացի երաժշտասէրներու ջերմ համակրանքին։ Շաբաթ եւ Կիրակի, Ֆրանքֆուրթի շրջանէն ներս իր գործերը նուագուեցան հանդիսաւոր երեկոյթներու ընթացքին, Տիգրան Մանսուրեանի ներկայութեամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայատառ գիրքերու աշխարհի մեծագոյն պահոցը՝ Հայաստանի ազգային գրադարանը, որ ներկայիս կը գործէ Երեւանի չորս մասնաշէնքերուն մէջ:
Տնօրէն Տիգրան Զարգարեան, որ աւելի քան քսանըհինգ տարուան գրադարանագործութեան փորձառութիւն մը ունի, հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած վերջին համերգներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս խումբը գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ իրերայաջորդ չորս իրիկնաշող համերգներով, օգտագործելով ամենաարդիական փորձագիտութիւնը։
Յայտնի ամերիկացի հաղորդավար Քոնան Օ՚պրայն, որ իր «Քոնան» հեռուստահաղորդման ծիրէն ներս վերջերս այցելած էր Հայաստան ու հետաքրքրական հաղորդում պատրաստած՝ երկրի մասին, հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ հանրային ռատիոյին (scpr.org)՝ շարք մը ուշագրաւ մանրամասնէր ներկայացնելով հայաստանեան ուղեւորութեան վերաբերեալ: