ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս գնահատուեցան հանդիսատեսին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի իսկապէս տիրական եւ ազնուական դէմքերէն Այտա Աբգարեան, որ այնքան մեծ յարգանք, սէր ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակէն ներս։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, երէկ, ծրագրի հերթական փուլին մէկտեղուեցաւ փոքրիկներու հետ, որոնց աշխատանքները կը գլխաւորէ Թանիա Փաքերթիք։
Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նոյնպէս Իսթանպուլի երեսփոխան Ճիւնէյթ Եիւքսել։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ լուսահոգի ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Աւանդական դառնալու վրայ է այս ծրագիրը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հետ էին նաեւ այլ հոգեւոր հայրեր։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Patrik Avedis'in Gizemli Yaşamı» գիրքին շնորհանդէսը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեանը, Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։
Երէկ երեկոյեան, Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։