Թրքահայ կեանք

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Առաւօտուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ԵՒ ՀՈԳԵՃԱՇԸ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ պուրունքըշլացիներու (Եոզղատ) աւանդական հաւաքը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Համբարձման տօնը բնորոշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 191-րդ տարեդարձով:
Գթութեան յարկի բազմակողմանի ծառայութեան շղթային վրայ նոր օղակ մը աւելցաւ՝ մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ հաստատութիւնը ոսկեդարը կ՚ապրի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակից ընկերներուն պաշտօնավարութեան շրջանին:
Հոգաբարձութեան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը ունկնդրուեցաւ ուշադրութեամբ: Համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ ողջունեցին նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն:

«ՎՍՏԱՀ ԵՄ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՂԵԱԿ ՉԷ»

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման տօնի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի համայնքապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար ձեռնարկուած երկարաշունչ աշխատանքին։

ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԱՅՇԷՆՈՒՐ ՔՈԼԻՎԱՐ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Մայրերու օրուան ձօնուած հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները թէ՛ իրենց մայրերուն եւ թէ իրենց ուսուցչուհիներուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրը։

ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին այցելեց Եւրոպայէն ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Եւրոպացի այս ուխտաւորները կը պատկանէին «Կեանքի կանչ» համայնք-միաբանութեան։

ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովին մէջ պաշտօն պիտի կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ յաջողեցաւ երեսփոխան ընտրուիլ երէկուան ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Ան մաս պիտի կազմէ ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։

Էջեր