ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀԻ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԵՑԱՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՒԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒԻ
Կեդրոնական վարժարանի շէնքի հրդեհի աստիճանները վերջերս վերանորոգուեցան՝ ի յիշատակ Եւա Սանթալուի։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ։
Կեդրոնական վարժարանի շէնքի հրդեհի աստիճանները վերջերս վերանորոգուեցան՝ ի յիշատակ Եւա Սանթալուի։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ։
Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութիւնը՝ «Մալաթիա Հայտեր» շաբաթավերջին ընթրիք մը կազմակերպեց Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած նստաշրջանին։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ անգլերէնով հանդիսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր դպրոցի անգլերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջերս Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը իրականացուցին թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան տղաքը Հայ մշակոյթի եւ Գիրերու գիւտի վերաբերեալ զանազան աշխատութիւններու հետեւած էին։
Պէյօղլուի «Եափը քրետի» մշակոյթի ու գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութեան գիրով մը գնահատեց Արսէն Եարմանը:
Փրոֆ. Կիւլ Իրեփօղլու դրուատիքով արտայայտուեցաւ «Օսմանեան շրջանին գոհարեղէնն ու հայ ոսկերիչները» երկհատորին մասին:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի տուաւ լաւ լուրեր, որոնք աւետիսի մը համազօր կը նկատուին մեր երաժշտասէրներուն եւ Պարթեւի համակիրներուն տեսակէտէ։
ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 28 հոկտեմբեր 2022 թուականին հիմնադրութեան 114 տարին իր ետին ձգելով թեւակոխեց հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ կը յարատեւէ իր հրատարակութիւնը՝ նեղ պայմաններու, հնարաւորութիւններու եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յամառ դիմադրութեան ուժով եւ վճռակամութեամբ:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Այսպէսով հայ մշակոյթին ձօնուած հոկտեմբեր ամիսը եզրափակուեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնի եւ Թարգմանչաց շարժման արժեւորումով։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Նիւ Եորքի մէջ անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց՝ Եունիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մին է եւ անոր ծուխի անդամներուն մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ նախկին պոլսահայերէ։