ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։
Ներքին գործոց նախարարը, Իսթանպուլի կուսակալը, Ֆաթիհի գաւառապետն ու քաղաքապետը երէկ յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պետական գերագոյն զոհողութեան մետայլներ շնորհեց բոլոր այն տեղական կամ օտար փրկարար ծառայութիւններուն, որոնք 6 փետրուարի երկրաշարժներուն ժամանակ աշխատանք ծաւալած էին։
Ապրիլեան սուրբ նահատակներու յիշատակութիւն եւ Ս. Պատարագ՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս օրերուն կ՚ապրի խանդավառութիւն մը՝ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին ընդառաջ։
Կը տեղեկանանք, որ «Յանկարծ» թատերախումբը կը պատրաստուի ներկայացումներու յատկանշական շարքի մը։ Այսպէս, թատերախումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի ներկայացնէ ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն գործի հիման վրայ խաղ մը՝ «Սիրտս լեռներուն մէջ է» անուանումով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը՝ շարունակելով շուրջ 10 տարիէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պատգամը, զոր հասցէագրուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որու կողքին էր Տ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։
Երկաշարժէն ցնցուած Հաթայի մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Լրջօրէն աւերուած քաղաքին մէջ սարքուեցաւ միասնականութեան սեղան մը։ Իսլամական աշխարհը ներկայիս Ռամազանի ծոմապահութեան շրջանին մէջ կը գտնուի։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երկու օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։