ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր կեցութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ նախատեսուած է յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։
Գալֆաեան Տան մէջ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բուն Բարեկենդանին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ ստեղծեց շատ խանդավառ մթնոլորտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովենը։ Ֆրանսացի դիւանագէտը Գումգաբու փութացած էր՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին դասուելու ճանապարհին է։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանը, միութեան հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու յոբելենական կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս այս շրջանին իրերայաջորդ կեանքի կոչուեցան ընկերամշակութային բնոյթով ծրագրեր։ Ըստ հայկական հին սովորութեան, Ս. Զատկի ընդառաջ «Ակլատիզ»ներ զետեղուած են դպրոցի շէնքի իւրաքանչիւր յարկէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանը, որ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետն է։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու վերջին վերանորոգութիւնները առիթ հանդիսացած են, որպէսզի համայնքային շրջանակները վերաթարմացնեն իրենց խոր երախտագիտութեան զգացումները՝ յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի նկատմամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին։ Այսպէս, դպրաց դասու 113-րդ, իսկ երգչախումբի 90-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթներով։ Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Քուրթուլուշի մարզակումբի սրահին մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին համոյթի փորձերը տեղի կ՚ունենան այստեղ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյքն ու կողակիցը։ Դեսպանին ուղեկցեցան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանութեան քաղաքական խորհրդական Քեւըն Մոզ։