ՏԱՐԲԵՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼ ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երբ ամէն տարի կը հասնի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տարեկան տօնախմբութիւնը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր տաճարը, յատուկ հոգեհանգստեան արարողութեան հիւրընակալը կը դառնայ, նկատի ունենալով, որ տաճարի գաւթի աջակողմեան անկիւնը կը գտնուի Կ.Պոլսոյ երանաշորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմաքարը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայկական ձեռակերտ խաչքար մը նուիրեց կարտինալ Քուրտ Քոխին:
Էսաեան սանուց միութեան վարչութիւնը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներու նկատառման յանձնեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է նաեւ մամուլին։ Հրապարակուած այս յայտարարութիւնը, դժբախտաբար, ջուրի երես կը հանէ Էսաեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին միջեւ վերջին շրջանին յառաջացած ցաւալի տագնապը, որու վերաբերեալ խօսակցութիւնները շրջանառութեան մէջ մտած էին վաղուց։
Գումգաբուի մէջ երէկ գումարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Յուզումնախառն շարժառիթով նիստ մըն էր այս մէկը։
Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գումգաբուի իրերայաջորդ խորհրդակցութիւնները համալրուեցան սանուց միութիւններու վարչայիններով:
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Պապական փոխանորդի տեղակալ Մոնս. Լորենցօ Փիրեթթօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային Մոնս. Նիքոլաոս Վիրվոլ եւ Հայր Կուէնոլէ Վարդապետը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որ իրեն նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի վարպետին կ՚ընկերանար գործարար Տողան Էրպէք, որ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կը բնակի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ դարձեալ ընդունեց պոլսահայ նախակրթարաններու տնօրէնները: