«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ»Ի ԵՒ «ՄԵՐ ՏԱՆԻՔ»Ի ՀԱՄԱՏԵՂ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ համախմբուեցան «Աւանդական» եւ «Մեր տանիք» խումբերը, որոնք վերջին շրջանին պոլսահայ ընկերային կեանքէն ներս նկատելի աշխատանք կը տանին։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի եւ յիշեալ երկու խումբերու մղիչ ուժերէն Եասմին Ռոսթոմեանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած հաճելի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին կազմակերպեց Ամանորի խրախճանք մը։ Աւանդական ու խանդավառ այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Քուրթուլուշի մարզակումբին մէջ, որ վերջերս համոյթի երդիքը դարձած է ստիպողական պայմաններով։
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ վախճանման քառասնից լրման առթիւ։ Օրուայ սկիզբին ան ոգեկոչուեցաւ՝ իր հասած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութեան առթիւ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Գումգաբուի արարողութիւններուն, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը:
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ ենթարկուած է վիրահատութեան մը։ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զեքիեան Գերապայծառի անցուցած գործողութեան պատճառով Ս. Ծնունդի առթիւ Սաքըզաղաճի պաշտօնական աւանդական ընդունելութեան թուականը փոխուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց լուսանկարիչ Չեթին Պոսթանօղլուն։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ Պատրիարքարանի այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ՝ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի տանտիրութեամբ: