ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ լիսէներու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն իրերայաջորդ կը մէկտեղուի պոլսահայ կրթական մշակներու հետ։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ միջնակարգերու տնօրէններուն հետ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայան։ Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ կուսակալին այցելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ հայր սուրբը նախկին թրքահայ մըն է։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը երէկ հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին քննարկումներ տեղի ունեցան տարուայ վերջին երկու ամիսներուն համար նախատեսուած օժանդակութիւններուն շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքը:
Պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները ընթրիքի սեղան մը սարքեցին ի պատիւ իրենց նուիրեալ պաշտօնակցին:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Բարենպաստ եղանակին ալ ընձեռած հնարաւորութիւնով՝ նախակրթարանի սաները պարտէզին մէջ տառախաղերով ու բառախաղերով նշեցին տօնը։ Անոնք հանդէս եկան խմբերգներով ու պարերով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 114-րդ տարեդարձը եւ թերթիս դիմագրաւած լինելութեան մարտահրաւէրները ստեղծած են լայն արձագանգ։ Թէ՛ մեր համայնքային շրջանակներէն եւ թէ արտասահմանէն օրերէ ի վեր մեզի կը հասնին շնորհաւորութեան ու զօրակցութեան պատգամներ։