ԶԵԿՈՅՑ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ծանօթ է թէ, քորոնա համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները, մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց ու յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան։