«ՄԱՐԱԼ»Ի ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան փայլուն երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ յետմիջօրէին, ընդունեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սենիհա Պիրանտ Չընարի եւ իր ընկերակիցներուն այցելութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն այցելութիւնը, որու ընթացքին աւագ հիւպատոսը ծանօթացաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։
Մկրտիչ Մարկոսեան յաւերժութեան ուղեւորման փուլին առարկայ դարձաւ համատարած յարգանքի:
Ծաղկազարդի տօնին ընդառաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակները լուսաբանեցին՝ եկեղեցապատկան ապարանքի վերանորոգութեան ծրագրին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։
Տիգրանակերտի վերջին վկան հրաժեշտ առաւ՝ աւանդելով վիթխարի վաստակ մը, որ հայ գիւղագրութեան ժառանգութեան արդի շրջանի առանցքը բնորոշած ծաւալուն արտադրանքով արժանացած է համատարած գնահատանքի ու տակաւին կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։