ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՀՈՐԻԶՈՆ
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին ուշագրաւ վճիռը:
Վերաքննիչ դատարանը ճանապարհ կը հարթէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու ի վերջոյ իրականացման առջեւ:
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին ուշագրաւ վճիռը:
Վերաքննիչ դատարանը ճանապարհ կը հարթէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու ի վերջոյ իրականացման առջեւ:
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ թերթիս վաղեմի աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի դարմանումը դրական հունի մը մէջ կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի սաները վերջերս փայլուն յաջողութեան մը հասած են «Robotex Turkey 2021» մրցոյթին մէջ։ Սա ձեռներէցութեան ծրագիրներու միջազգային մրցոյթն է։
Համայնքային շրջանակները կը սգան Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին կորուստը:
Հոգելոյս Յովհաննէս Սահակօղլու յուղարկաւորուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ:
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երեք օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։

Ուղղափառ աշխարհը այս օրերուն կ՚ապրի Ս. Զատկի տօնական ուրախութիւնը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքէն ներս ալ տաղաւարի շրջանին բնորոշ ուրախութիւնը այսպէսով վերակենդանացած է։
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Անգարայի մէջ, համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան ընթրիք՝ Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ համայնքի վերջին օրերու հրատապ նիւթերու շուրջ։
Համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ վերջերս իր մասին դրուատալի եւ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսած է Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, յոյն եւ ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան տաղաւարը կը տօնեն ըստ Հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ մայիսի 2-ի կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ յոյն եկեղեցւոյ տաղաւարի արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ եկեղեցին։