ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գումգաբուի իրերայաջորդ խորհրդակցութիւնները համալրուեցան սանուց միութիւններու վարչայիններով:
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Պապական փոխանորդի տեղակալ Մոնս. Լորենցօ Փիրեթթօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային Մոնս. Նիքոլաոս Վիրվոլ եւ Հայր Կուէնոլէ Վարդապետը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որ իրեն նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի վարպետին կ՚ընկերանար գործարար Տողան Էրպէք, որ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կը բնակի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ դարձեալ ընդունեց պոլսահայ նախակրթարաններու տնօրէնները:
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն աւանդական ոգեւորութեամբ նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այսպէս, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուած ելոյթները թէ՛ ծափահարելի էին եւ թէ ցոլացուցին անոնց կողմէ տածուած երախտագիտութիւնն ու սէրը՝ իրենց ուսուցիչներուն նկատմամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակեց վերջին օրերու խորհրդակցութիւններու շարքը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ զանազան հարցերուն շուրջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։