ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒԸՆԿԱԼԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորութեամբ թաղականները ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի երկու ամիսը անգամ մը կատարած օժանդակութեանց շարքէն, 2021 տարեշրջանի երրորդ օժանդակութիւնը իրականացած է՝ մայիսի 18-ին։ 19 եկեղեցիներու մասնակցութեամբ կատարուած է 583 ընտանիքներու օժանդակութիւն։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 560-ամեակը։ Ինչպէս ծանօթ է, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։
«GALERİ 77»ի երդիքին տակ պիտի ներկայացուին Գրիգոր Սահակօղլուի ստեղծագործութիւնները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Նուարդ Աւետիքօղլուի երաժշտական աշխարհէ ներս արձանագրած վերելքը այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով արձագանգ կը գտնէ հայկական զանազան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այսպէս, վերջերս Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը դրուատալից յօդուածով մը անդրադարձաւ Նուարդ Աւետիքօղլուի գործունէութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան («Հայճար») վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, որուն կ՚ընկերանային Գէորգ Էօզգարակէօզ, Եսթէր Հապէշ, Սէրտա Պիրկիւլ եւ Պուրակ Քավաֆեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց «Մալաթիա Հայտէր» միութեան վարչութեան ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճին եւ անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին ուշագրաւ վճիռը:
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ թերթիս վաղեմի աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի դարմանումը դրական հունի մը մէջ կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։