Թրքահայ կեանք

TOPLUMUMUZA ÇAĞRI

BEDROS ŞİRİNOĞLU

Yeni ders yılı başlarken, Türkiye Ermeni toplumunun gündeminde yine eğitim yaşamımıza dair sorunlar bulunmaktadır. Okullarımızın bütçe açıklarının kapatılması, daha nitelikli bir eğitim sunulması, genç kuşak eğitmenlerin yetişmesi, yapısal ve yönetsel reformlarla genel verimliliğin yükseltilmesi yıllardan beri toplumumuzun değişmeyen öncelikleri durumundadır. Mevcut dönemin kaçınılmazı olan COVID-19 salgınına karşı mücadelenin güçlükleri de rutin sorunlarımızın üzerine eklenmiştir.

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով  31 յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած էր խորհրդակցական հանդիպում մը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս հանդիպումին ընթացքին յայտնուած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուէր մեր կրօնական, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութեանց վիճակով, նկատի ունենալով երկրաշարժի պարագան։

ՄՈՒՐԱՏ ԷՕԶՉԵԼԻՔ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։

«ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՆ ԵՆ, ԲԱՅՑ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՏԷՐՆ Է ԻՐ ԾՆՈՂՔԸ»

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վերամուտի սեմին համայնքի օրակարգին վրայ բերաւ ուշագրաւ խնդիր մը։ Ան Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) առցանց հարթակին վրայ երէկ ուշադրութիւն հրաւիրեց հրատապ նիւթի մը։ Հաշուի առնելով հարցի կարեւոր բնոյթը՝ Շիրինօղլու այդ փակ հարթակի իր գրառումը փոխանցեց նաեւ համայնքային մամուլին։

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէքը, որ վերջերս իր տարիքային դասաւորման մէջ առաջնութիւն ծաւալած էր ձիավարութեան մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանար հայրը՝ յայտնի համայնքային գործիչ Սարվէն Սերթշիմշէք։

ՇԱՀԻՆ ՉԸՆԱՐ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Շահին Չընար, որ նոյն կրթօճախի երկարամեայ տնօրէնն է։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչն էր հոգելոյս Կարապետ Մխալեան, որու մահէն վերջ ներկայիս իրեն կը յաջորդէ Շահին Չընար։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Համայնքային շրջականերէ ներս ներկայիս միշտ օրակարգի վրայ է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընկերային զօրակցութիւնը խթանելու առաջնահերթութիւնը։ Համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրները, տնտեսութեան ծանր կացութիւնը եւ այլ գործօններ ընկերային զօրակցութեան շարժումները կը դարձնեն առաջնահերթ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համայնքային շրջանակներէ ներս 2020-2021 եղանակի մատաղօրհնութիւններու պատրաստութիւնները արդէն կը սկսին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ՝ ի նպաստ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի։

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։
Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 սեպտեմբեր 2020,  Խաչվերացի տաղաւարի Բարեկենդանի կիրակիին՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Էջեր