ԲՈՒՌՆ ԲԱՆԱՎԷՃ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետին միջեւ ծնունդ առած տարակարծութիւնները կը բնորոշեն համայնքային շրջանակներու օրակարգը: Երէկուան հրապարակումներէն վերջ ERVAB-ի հարթակին վրայ շարունակուեցան լարուածութեան ազդեցութիւնները:
Պետրոս Շիրինօղլու նոր յայտարարութիւնով մը հրապարակաւ վերանորոգեց իր յարգանքը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ:
BEDROS ŞİRİNOĞLU
BEDROS ŞİRİNOĞLU
Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 ապրիլ 2021, հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 մայիս 2021, ժամը 05.00 փողոց ելլելու արգելք յայտարարուած է պաշտօնապէս։
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած ներկայ շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բոլորովին նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է, այս ժամանակահատուածին բնորոշ առաջնահերթութիւններով հանդերձ։ Յամենայնդէպս, ինչքան որ ալ արտասովոր պայմաններ խնդրոյ առարկայ ըլլան, համայնքային կեանքի հրատապ օրակարգէն դուրս չեն մնար պոլսահայ վարժարաններու նիւթական կարիքները։
Պալաթի երբեմնի Խորէնեան վարժարանի շէնքը պիտի վերածուի մշակոյթի կեդրոնի։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը քանի մը օր առաջ տեղեկութիւններ հաղորդեց այս մասին՝ նշելով, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր այդ շէնքը լքուած է իր ճակատագրին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ կը շարունակէ երաժշտասէրներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ՝ իր «Անվերջ խաւար» երգով։ Այս երգը նոյնացած է Մարալ Այվազի հետ, գեղարուեստասէրները այդ գործի՝ այնքան դիպուկ կատարումով ընկալել սկսած են Մարալ Այվազի արուեստը։
Փոքրիկն Վանենի Տէյիրմենճեան մկրտուած 19 ապրիլ 2021 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի կնքահայրութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեանի։