ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։
Այցելուները եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացնելու նպատակաւ փութացած էին Պատրիարքարան։