«ՄԵՏԱՂԻՆ ՓԱՌՔԸ…»
Գարեգին Քայա Քալայճըի նմոյշներու ներկայացումը հետաքրքրութեան առարկայ:
Սկիւտարի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս՝ «Նեւմեքան» սրահի երդիքին տակ:
Գարեգին Քայա Քալայճըի նմոյշներու ներկայացումը հետաքրքրութեան առարկայ:
Սկիւտարի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս՝ «Նեւմեքան» սրահի երդիքին տակ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ միջօրէին, այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ արարողութեան:
Նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 օգոստոս 2020 թուականին կոչ ուղղած էր մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնէին սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ իրենց լումաները կեդրոնացնէին Պատրիարքական Աթոռոյս հաշիւներուն։

Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան ղեկը միջոցէ մը ի վեր արդէն ստանձնած է նորընտիր վարչութիւնը։ Բազմամեայ ատենապետ Վարդան Օզինեանի մահէն վերջ, միութեան շրջանակներէն ներս վերակազմակերպման գործընթաց մը սկիզբ առած է։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բարեբաստիկ խորհրդակատարութիւն մը, որ եկաւ համախմբել համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր։ Այսպէս, Մուրատ եւ Մելիս Պէրպէրօղլու ամոլի անդրանիկ որդւոյն փոքրիկն Պարգեւ Պէրպէրօղլուի Ս. Մկրտութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ «Amida'nın Sofrası» գիրքի հեղինակ Սիլվա Էօզեէրլի զրոյցի մը մասնակցեցաւ ընթերցասէրներու հետ։ Իրաւաբան Էլիֆսու Տիլէք Շէնի նախաձեռնութեամբ, «Թաշ» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին հեղինակը ներկաներու հետ զրուցեց Տիարպաքըրի խոհանոցին եւ կենցաղին շուրջ։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը որոշեց Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի ղեկը յանձնել Մուրատ Իչլինալչային։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, այս առաւօտ մեզի բացատրութիւններ տուաւ նոր տնօրէնի նշանակման շուրջ։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ՚ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ մը, որ կարենան օգտագործել սոյն նպատակին համար։