ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Վարդավառի տօնը։ Տաղաւարի հրճուանքը այս տարի արտասովոր բնոյթ ունէր, որովհետեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ մեր եկեղեցիներէն ներս տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նորոգ հանգուցեալ մտաւորականի յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականը:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի երիտասարդ մասնագէտներէն Տարօն Եէօնտէմ ստանձնած է BluTV-ի փորձագիտութիւններու տնօրէնի (CTO) պաշտօնը։ Առցանց այս հեռուստակայանը վերջերս արդէն իրականացուցած է շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի ճարտարապետներէն Նշան Եաղուպեան մրցանակի մը արժանացած է 2020 թուականի Ճարտարապետութեան ազգային ցուցահանդէսի եւ մրցանակներու ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Եաղուպեան Թուրքիոյ մէջ հեղինակութիւն մը կը համարուի այս ասպարէզէն ներս։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այդ յայտարարութիւնով հանրութիւնը տեղեակ պահեց վերջերս եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ոտնձգութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու վերջին փուլէն։
«Իսթանպուլ» աճուրդատան կողմէ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ առցանց աճուրդ մը, որու ծիրէն ներս վաճառքի դրուած էր 46 գեղարուեստական նմոյշ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս առթիւ ամենամեծ գինը վճարուեցաւ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն մէկուն համար, որ ընդգրկուած էր աճուրդի առարկաներու ցուցակին մէջ։