ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայէն՝ սփիւռքահայ երիտասարդ ակադեմական Գէորգ Յակոբճեանը։ Այս վերջինը ներկայիս քաղաքս կ՚այցելէ իր տոքթորականի թեզի ուսումնասիրութիւններուն համար։