ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս ունեցան՝ բանաստեղծութեան, պարի եւ խմբերգներու հանդէս մը։ Վերջին տարիներուն դպրոցէն ներս աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որու այս տարուան փուլն ալ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս շրջանին մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի հովանաւորութեան ներքեւ գործող մանկապատանեկան խումբի մօտալուտ համերգներու պատրաստութեան բերումով։ Այսպէս, 11 եւ 13 յունիս թուականներուն, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգները։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը վերջերս Մալաթիայի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ներկայ եղանակի կարեւոր խաղերուն։ Առաջին երկու հանդիպումներէն 7-4 արդիւնքով յաղթական դուրս եկան շիշլիցիները եւ այսպէսով ապահովեցին մրցաշարքի յաջորդ փուլերուն մասնակցութիւնը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ դպրոցէն ներս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երէկ, ժամը՝ 11.00-ին, իր հետն ունենալով Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, այցելութիւն մը տուաւ Քույումճուքենթ՝ ուր հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի ոսկերիչ արհեստաւոր եւ գործարանատէրերուն հետ: Սրբազան հայրը եւ հայր սուրբը դիմաւորուեցան՝ գլխաւորութեամբ համայնքիս կողմէ սիրուած եւ յարգուած Ճեզօ Թաշի, ինչպէս նաեւ Արամ Տեմիրի, Յակոբ Ճանճանի, Մուրատ Վուրալի, Քույումճուքենթի հոգաբարձուներէն Մեսուտ Տէյիրմենճիի կողմէ:
«Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու համացանցային կայքէջի հաստատման հնգամեակին առթիւ երէկ յոբելենական խանդավառ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մեր վարժարաններէ բազմաթիւ պատանիներու մասնակցութեամբ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ»ի հէքեաթատօնը, որու հանդիսավարն էր Պօղոս Չալկըճըօղլու։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Փոլոնէզգիւղ։ Ամառնամուտի առթիւ կատարուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։
Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը։